«Արեւմտեանի Ըմբոստութիւնը. Ի՞նչ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կազմակերպութեան Մէջ»
Դաւիթ Թորոսեան
«Արեւմտեանի Ըմբոստութիւնը. Ի՞նչ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կազմակերպութեան Մէջ»
Ելեկտրոնային հրատարակութիւն Մայիս 2024 Լոս Անճելոս, ԱՄՆ
Հեղինակ` Դաւիթ Թորոսեան
«Արեւմտեանի Ըմբոստութիւնը. Ի՞նչ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կազմակերպութեան Մէջ» վերնագրով այս աշխատութեան մէջ Դաւիթ Թորոսեան (Լոս Անճելոս, ԱՄՆ) կը վերլուծէ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական այդ շրջանին մէջ 2020-2023 արձանագրուած կուսակցական տագնապը, անոր նախապատմութիւնը եւ գաղափարական ու կազմակերպական հիմքերը: Ինչպէս նշուած է աշխատութեան սկիզբը, իր տեսակով եւ ծաւալով ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի ըմբոստացումը իւրայատուկ երեւոյթ մը կը հանդիսանայ ՀՅ Դաշնակցութեան հին թէ արդի պատմութեան մէջ եւ որպէս այդպիսին, արժանի է լուրջ քննութեան: Անիկա հակադարձութիւն մըն էր ՀՅԴ օրուան Բիւրոյին կողմէ այդ շրջանին դէմ տարուած աւելի քան տասը տարիներու հալածանքի քաղաքականութեան, որ շրջանի կուսակցականներուն ընդվզումին պատճառ դարձաւ եւ զանոնք մղեց ձեռնարկելու կազմակերպական ինքնուրոյն քայլերու: Աշխատութեան հեղինակը նպատակադրած է արձանագրել փաստերը եւ լոյս սփռել այդ ըմբոստացումին վրայ, ինչպէս նաեւ արձանագրել ըմբոստացումին նախորդած տարիներու իրադարձութիւնները եւ այդ շարժման հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնն ու դէպքերը։ Աշխատութեան կցուած եմ յատկապէս մամուլի եւ առհասարակ այս պատմութեան հետ առընչուող բոլոր յայտարարութիւններն ու կոչերը` իբրեւ վաւերաթուղթ: Աշխատութիւնը հրապարակուած է 2024-ի Մայիսին։